2016-01-15 09:00:00

Դեսպան Միքայէլ Մինասեան` ''Անտարբերութիւնը 20-րդ եւ 21րդ դարու ամենամեծ թշնամին է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ Կիրակի` 17 Յունուարին կը նշուի գաղթականներու եւ ապաստանեալներու համաշխարհային 102-րդ օրը։ Անցեալ երկուշաբթի 11 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունելով Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամները անոնց ուղղեց երկարաշունչ ճառ մը որուն մէջ շեշտը դրաւ գաղթականութեան երեւոյթի տագնապին վրայ ու այդ տագնապէն յառաջացած հարցերու շուրջ։

Վերոնշեալ հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած արտակարգ ու լիազօր դեսպան` Տիար Միքայէլ Մինասեան որ Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին մատնանշելով նաեւ Հայ ազգի զաւակ գաղթականներուն։

Զրոյցի ընթացքին դեսպան Մինասեան կոչ ուղղեց ուշադրութեամբ հետեւելու Ֆրանչիսկոս Պապի թելադրանքներուն ու մատնանշելով Քահանայապետի խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամին  յայտնեց թէ  ''Անտարբերութիւնը 20-րդ եւ 21րդ դարու ամենամեծ թշնամին է'', ան ապա  մաղթեց որ այնքան ցանկացուած խաղաղութիւնը իրականութիւն դառնայ համայն աշխարհի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.